Facebook-ը Ջնջած է Ազրպէյճանի Հետ Կապուած 8000-էն Աւելի Էջ

Աշխարհ

Facebook-ը ջնջած է Ազրպէյճանի հետ կապուած 589 հաշիւ, 7906 էջ եւ  Instagram-ի 447 հաշիւ: Այս ցանցը ծագած է Ազրպէյճանի մէջ եւ հիմնականօրէն կեդրոնացած է ներքին լսարանի վրայ, կ՛ըսուի ընկերութեան յայտարարութեան մէջ:

«Այս գործունէութեան ետին գտնուող անձիք օգտագործած են կեղծ հաշիւներ, որոնց մէկ մասը արդէն յայտնաբերուած եւ արգելափակուած է մեր ինքնաշխատ համակարգերու կողմէ: Անոնք գլխաւորաբար ապաւինած են վաւեր հաշիւներուն, որպէսզի ստեղծեն օգտատէրերու profile-ներ` օգտագործելով շինծու անուններ եւ պատկերներ, որպէսզի արհեստականօրէն բարձրացնեն որոշակի իշխանամէտ բովանդակութեան ժողովրդականութիւնը:

Այս ցանցը, կարծես, ստեղծուած է Ազրպէյճանի մէջ մարդոց էջերը կառավարելու համար` նպատակ ունենալով աջակցող եւ քննադատական մեկնաբանութիւններ ձգել միջազգային եւ տեղական լրատուամիջոցներու, հասարակական գործիչներու, ներառեալ` Ազրպէյճանի ընդդիմութեան եւ իշխող կուսակցութեան էջերուն` որոշ տեսակէտներու լայն քննադատութեան եւ միւսներու աջակցութեան տպաւորութիւն ստեղծելու համար:

Անոնց մեկնաբանութիւնները յաճախ կապ ունին տեղական եւ տարածաշրջանային նորութիւններուն եւ իրադարձութիւններուն, կառավարութեան քաղաքականութեան, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութեան, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նախորդ սրման ժամանակ Հայաստանի գործողութիւններուն, նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ «Նոր Ազրպէյճան» կուսակցութեան գովեստներուն: Անոնք քննադատած են նաեւ ընդդիմութիւնը, որուն առաջնորդները կը մեղադրուին դաւաճանութեան մէջ, եւ հերքած են Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներու մեղադրանքները:

Մենք յայտնաբերած ենք այս ցանցը տարածաշրջանին մէջ կեղծ աշխուժութեան կասկածներու վերաբերեալ ներքին հետաքննութեան ընթացքին: Մեր հետաքննութիւնը այս գործունէութիւնը կը կապէ «Նոր Ազրպէյճան» կուսակցութեան երիտասարդական միութեան հետ», armradio-ի փոխանցման՝ ըսուած է յայտարարութեան մէջ: