Թիրախին Տակ են Ստեփանակերտն ու Արցախի Այլ Բնակավայրեր. Թշնամին Անխնայ Կ՛ոչնչացուի

Հայաստան

Ազրպէյճան կրկին թիրախի տակ առած է Ստեփանակերտն ու Արցախի այլ բնակավայրերը, Ֆէյսպուքի իր էջին գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան:

Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան գրած է. «Թշնամիին ահաբեկչական բանակը այս պահուն անխնայ կ՛ոչնչացուի»:

Արցախի հետ շփման գիծի ողջ երկայնքով Սեպտեմբեր 27-ի վաղ առաւօտեան Ազրպէյճան բուռն ռազմական գործողութիւններու սկսած է:

Կը հրետակոծուին եւ կը հրթիռակոծուին նաեւ խաղաղ բնակավայրերը, ներառեալ` մայրաքաղաք Ստեփանակերտը եւ Շուշին: Ազրպէյճանի Զինուած ուժերը թիրախի տակ առած են նաեւ ՀՀ զինուորական եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները: Արցախի եւ Հայաստանի մէջ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումը, ողջ զինանոցի կիրառման` հրետակոծման, ԱԹՍ հարուածներու եւ հրթիռակոծման հետեւանքով 21 քաղաքացիական անձ զոհուած է, վիրաւորուած 80 հոգի: Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի ընթացքին նահատակուած է 240 զինծառայող եւ կամաւորական: