
Ազրպէյճան Վերսկսած է Յարձակողական Գործողութիւնները Արցախեան Ճակատի Հարաւային Ուղղութեամբ
Ազրպէյճան վերսկսած է յարձակողական գործողութիւնները արցախեան ճակատի հարաւային ուղղութեամբ:
Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Շուշան Ստեփանեան:
«Հակառակորդը վերսկսած է յարձակողական գործողութիւնները արցախեան ճակատի հարաւային ուղղութեամբ: Կ՛ընթանան թէժ մարտեր: ՊԲ ստորաբաժանումները արժանի հակահարուած կը հասցնեն թշնամական ուժերուն»,- կը նշէ Ստեփանեան:
Ստեփանակերտը եւս հրթիռային հարուածներու տակ է: Խաղաղ բնակչութիւնը նոյնիսկ հնարաւորութիւն չունի լսելու տագնապի ազդանշանը` հրթիռներու սաստկութեան պայմաններուն մէջ: