Թշնամին Կրկին Կը Հրթիռակոծէ Ստեփանակերտ եւ Շուշի Քաղաքները. Պաշտպանութեան Բանակին Պատասխանը Պիտի Չուշանայ

Հայաստան

ԱՀ նախագահի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ կը գրէ․

«Թշնամին կրկին կը հրթիռակոծէ Ստեփանակերտ եւ Շուշի քաղաքները: Պաշտպանութեան բանակի պատասխանը պիտի չուշանայ:

Սակայն ի տարբերութիւն Պաքուի ահաբեկչական իշխանութեան, մենք թիրախի տակ կը պահենք ոչ թէ քաղաքացիական բնակչութիւնը, այլ խոշոր քաղաքներու մէջ մշտական տեղակայուած ռազմական կականնները: 

Այդ քաղաքներուն մէջ ապրող խաղաղ բնակչութեան կրկին կոչ կ՛ընենք անյապաղ լքել իրենց բնակավայրերը, որպէսզի խուսափին հնարաւոր զոհերէն»: