
Ստեփանակերտը Ենթարկուած է Հրթիռային Յարձակման
Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը ենթարկուած է հրթիռային յարձակման:
Ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Արմենփրես»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները կրկին ենթարկուած են ազրպէյճանական զինուժի յարձակման: Լսուած է առնուազն երեք պայթիւն:
Մանրամասնութիւնները կը ճշդուին։