Հայկական Կողմը Խոցած է Ազրպէյճանական Եւս 3 Օդանաւ

Հայաստան

Հայկական կողմը խոցած է հակառակորդի եւս երեք օդանաւ, ֆէյսպուքի իր էջին միջոցով կը տեղեկացնէ ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:

«Ժամը 08:25-ի մօտ հարաւային ուղղութեամբ խոցուած է հակառակորդի օդանաւ»,-նշած է Ստեփանեան` քիչ անց տեղեկացնելով, որ ժամը 08:46-ի մօտ պաշտպանական բանակի առաջնագիծին վրայ խոցուած է հակառակորդի եւս երկու օդանաւ:

Հակառակորդի խոցուած օդանաւերուն թիւը հասած է, նախնական տուեալներով, 14-ի: