Ռուս եւ Հայ Լրագրողներ ու Ամերիկացի Կամաւորներ Տեղափոխող Հանրակառքը Յայտնուած է Թշնամիի Հրետանիի Կրակին Տակ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնը հրապարակած է Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ հայ եւ արտասահմանցի լրագրողներ տեղափոխող հրետակոծուած հանրակառքը լուսանկարները: Կեդրոնը կը նշէ, որ տուժածներ չկան:

«Միջազգային եւ տեղական մէկ տասնեակ լրագրողներու Մարտակերտ տեղափոխող մեքենան հրետակոծուած է թշնամիին կողմէ: Տուժածներ չկան»,- նշուած է հրապարակման մէջ:

Նախապէս ՌԻԱ Նովոսթին հաղորդած է, որ ռուս եւ հայ լրագրողներով ու ամերիկացի մարդասիրական կամաւորներով մեքենան Արցախի մէջ յայտնուած է հրետանիի կրակին տակ: