
Ազրպէյճանի Կողմէ Ստեփանակերտի Հրթիռակոծման Հետեւանքով 10 Վիրաւոր Կայ
Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Ստեփանակերտը հրթիռակոծելու հետեւանքով Արցախի փրկարար ծառայութեան մէջ 10 վիրաւոր կայ: Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ յայտնած է Արցախի ԱԻՆ լրատուական ծառայութեան պետ Արմէն Նարիմանեան` աւելցնելով, որ անոնցմէ ոչ մէկուն կեանքին վտանգ կը սպառնայ:
«Ստեփանակերտի մէջ փրկարար ծառայութեան շէնքը մասնակի աւերուած է, փշրուած են ապակիներ, քանդուած են պատեր, վնասուած են մեքենաներ կառատան մէջ»,-նշած է Նարիմանեան:
Ստեփանակերտի ուղղութեամբ Հոկտեմբեր 2-ին նետուած են, նախնական տեղեկութիւններով, հարուածային հրթիռներ: