Ազրպէյճան Հարուածներ Հասցուցած է Ստեփանակերտի Ուղղութեամբ․Կան Վիրաւորներ

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է, որ հակառակորդը հարուածած է Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտը։

«Ստեփանակերտի մէջ կան քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու բազում վնասուածքներ, վիրաւորներ։ Տուժած է փրկարար ծառայութիւնը»,- գրած է ան։