Արցախի Մէջ Եւս 54 Հայ Զինծառայող Զոհուած Է

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախա-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ հակառակորդին ծաւալած գործողութիւններուն հետեւանքով՝ հայկական կողմէն զոհուած է ՊԲ եւս 54 զինծառայող: Այս մասին, մամուլի ասուլիսի ժամանակ, ըսաւ ԱՀ ՊԲ հրամանատարի տեղակալ Արթուր Սարգսեան:

«Ցաւօք սրտի հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուող մարտերուն ընթացքին իր կեանքը զոհաբերած է ՊԲ 54 մարտիկ: Վիրաւորներուն թիւը կը ճշտուի տակաւին»,- նշեց Սարգսեան: