Ազրպէյճանական Հրետակոծութենէն Վիրաւորուած են «Արմենիա» Հեռուստաընկերութեան Աշխատակիցն ու 24News-ի Լրագրողը

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանական հրետակոծութենէն վիրաւորուած են «Արմենիա» հեռուստաընկերութեան աշխատակից Արամ Գրիգորեանը եւ 24News-ի լրագրող Սեւակ Վարդումեանը։ Այս մասին կը յայտնեն Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնի Facebook-ի էջը եւ 24news-ը։

«Ազրպէյճանական հրետակոծութենէն վիրաւորուած է «Արմենիա» հեռուստաընկերութեան աշխատակից Արամ Գրիգորեանը եւ 24News-ի լրագրող Սեւակ Վարդումեանը»,- յայտնած են լրատուամիջոցները։