ՊԲ-ն Խոցած Է Հակառակորդի ԵՐՐՈՐԴ Ինքնաթիռը

Աշխարհ, Հայաստան

ՊԲ ՀՕՊ ստորաբաժանումները խոցած են հակառակորդի ինքնաթիռ մը եւս: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Շուշան Ստեփանեան:

«Հակառակորդի եւս մէկ ինքնաթիռ խոցուեցաւ․․․ օդուժաթափ», – գրած է ան:

Վայրկեաններ առաջ՝ Շուշան Ստեփանեանը յայտնած էր, որ Հոկտեմբեր 1-ին, ՊԲ ՀՕՊ ստորաբաժանումները հարաւային եւ հարաւ-արեւելեան ուղղութիւններուն վրայ խոցած են 1 ինքնաթիռ եւ 1 ուղղաթիռ:

Աւելի շուտ, ՊԲ-ն խոցած էր ինքնաթիռ մը եւս: Այսպիսով, հակառակորդի խոցուած ինքնաթիռներուն թիւը հասած է երեքի: