Ֆրանսական Le Monde-ի Լրագրողները Ազրպէյճանի Հրետակոծութեան Տակ Ինկած Են Արցախի Մէջ. Կայ Երկու Վիրաւոր

Աշխարհ, Հայաստան

Ֆրանսական Le Monde պարբերականի լրագրողները Ազրպէյճանի կողմէ հրետակոծութեան տակ ինկած են Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի «Հանրային կապերու եւ տեղեկատւութեան կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Յովհաննէս Մովսիսեան:

«Ֆրանսական Le Monde պարբերականի լրագրողները հրետակոծութեան տակ ինկած են  Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ, կայ երկու վիրաւոր, նախնական տուեալներով երկուքն ալ Ֆրանսայի քաղաքացի են»,- գրած է Մովսիսեան: