
Ազրպէյճանցի Զինուորներու Դիակներու Գրպաններուն Մէջ Եղած են Ներարկիչներ. Ռազմական Յանցագործութիւններու Փաստեր
Ատրպէյճանի այն զինուորները, որոնց դիակները յայտնուած են Արցախի տարածքին, բոլորին գրպաններուն մէջ յայտնաբերուած են ներարկիչներ: Այս մասին մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Վահրամ Պօղոսեան: «Այս ամէնը միջազգային իրաւունքի տեսակէտէ ամբողջութեամբ ռազմական յանցագործութիւն է: Սա կը փաստէ այն մասին, որ Ազրպէյճան իր զինուորներուն պատերազմի կ՛ուղարկէ արդէն թմրած վիճակի մէջ»,- նշած է Պօղոսեան:
ՀՀ ԱԺ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ նկատել ըուած է` պատերազմական յանցագործութեան փաստերը երթալով կ՛աւելնան: