Պաշտպանութեան Բանակի Ստորաբաժանումները Զգետնած են Թշնամիի Մարտական Ուղղաթիռ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Պաշտպանութեան բանակը կը տեղեկացնէ, որ Հոկտեմբեր 1-ին արցախա-ազրպէյճանական հակամարտութեան գօտիի հարաւային կողմը` Վարազաթումբ (Լելէ Թեփէ) տարածքին մէջ, ՊԲ ստորաբաժանումները զգետնած են հակառակորդի մարտական ուղղաթիռ, որ ինկած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան տարածք:

«Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ` նշուածը իր մէջ որեւէ միտումնաւորութիւն չի պարունակեր, եւ քանի որ Ազրպէյճանի սանձազերծած մարտական գործողութիւնները կ՛ընթանան ԻԻՀ սահմանին շատ մօտ, ցաւօք, նման դէպքերը անխուսափելի են»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: