ՀՀ ԱԳՆ Կը Հերքէ Հայաստանին Ուղղուած Ազրպէյճանի Մեղադրանքները
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հիմնովին կը հերքէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան Հայաստանին ուղղուած մեղադրանքը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարդենիսի շրջանէն Ազրպէյճանի Տաշքեսանի շրջանը հրթիռակոծելուն վերաբերեալ: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ ԱԳՆ խօնակ Աննա Նաղդալեան:
«Այս ապատեղեկատւութիւնը բացարձակ սուտ է եւ նպատակ ունի հող նախապատրաստելու մարտական գործողութիւններու աշխարհագրութեան ընդլայնման, ինչպէս նաեւ՝ յարձակում իրականացնելու Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ: Խստօրէն կը դատապարտենք տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան յետագայ ապակայունացման Ազրպէյճանի փորձերը, որոնց հետեւանքներուն ողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»,- նշած է ան:
