ՀՀ Նախագահի Մրցանակը Անուանափոխուած Է Պօղոսեան Մրցանակի

Հայաստան, Սփիւռք

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «ՀՀ նախագահի մրցանակ» ծրագիրը՝ մեկնելով պետական պարգեւներուն եւ պետական մրցանակներուն վերաբերող ՀՀ օրէնքներու փոփոխութիւններէն, կողմերուն համաձայնութեամբ անուանափոխված է «Պօղոսեան մրցանակ»-ի։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ հիմնադրամի հաղորդագրութենէն։

Ամենամեայ մրցանակը պիտի շարունակէ ֆինանսաւորել զայն 2000 թուականին նախաձեռնած Պօղոսեան հիմնադրամը (Պելճիքա-Զուիցերիա), մրցանակաբաշխութեան ամբողջ գործընթացը պիտի շարունակէ կազմակերպել «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, մրցանակները ՀՀ նախագահի նստավայրին մէջ պիտի յանձնեն Հանրապետութեան նախագահը եւ Պօղոսեան հիմնադրամի ներկայացուցիչը։

2020 թուականի մրցանակաբաշխութիւնը, ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր, յետաձգուած է համավարակին պատճառով, եւ տեղի պիտի ունենայ, ամենայն հաւանականութեամբ, այս աշնան։ 2020 թուականի մրցանակակիրներուն պիտի շնորհուի Պօղոսեան մրցանակ, մրցանակի 8 հիմնական անուանակարգերուն համար ընդունուած 61 եւ Երիտասարդական մրցանակի 116 յայտերը ուժի մէջ են։