
Տաւուշեան Ծանր Օրերը Պէտք Է Սկիզբ Դառնան Ապագայ Վերելքի. ՀՀ Նախագահ
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, Օգոստոս 11-ին, նախագահական նստավայրին մէջ հերթական աշխատանքային հանդիպումը ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
Նախագահի աշխատակազմէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ Արմէն Սարգսեան եւ Նիկոլ Փաշինեան քննարկած են երկրի ընթացիկ օրակարգին, առկայ խնդիրներուն եւ զարգացման ծրագրերուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահը ուրախութեամբ արձանագրած է, որ «քորոնա» ժահր համավարակի կորը արդէն կ՝իջնէ, եւ յոյս յայտնած է, որ անիկա պիտի շարունակէ ներքեւ իջնել.
«Համաձայն եմ Ձեր յայտարարութիւններուն հետ, որ ոչ մէկ պարագայի ոգեւորուիլ կարելի չէ, որովհետեւ բնակչութեան մեծ զանգուած մը դեռ չէ հանդիպած վարակին, եւ եթէ հանդիպի, արդիւնքը դարձեալ համավարակի վերադարձ կ՝ըլլայ։ Որոշ երկիրներու մէջ ատիկա կ՝անուանուի երկրորդ ալիք, հաւանաբար այլ տեղ մը երրորդ ալիք ըլլայ։ Ձեր հետ համաձայն եմ, որ հակահամաճարակային կանոնները պէտք է շատ խիստ ձեւով պահպանենք՝ ե՛ւ մաքրութիւնը, ե՛ւ հեռաւորութիւնը, ե՛ւ կարգ ու կանոնը»։
Վարչապետը շեշտած է. «Երբ յետահայաց նայինք` ինչ տեղի ունեցաւ, Ապրիլի վերջը արձանագրեցինք, որ հակառակ խիստ սահմանափակումներուն՝ կրնանք երեւցող հատուածներու մէջ այդ սահմանափակումները առերեւոյթ պահել, բայց հակահամաճարակային ընթացքները տեղի կ՝ունենան ետնաբեմի վրայ՝ բակերու մէջ, շքամուտքերուն: Մենք արձանագրեցինք երկու բան, որ սահմանափակումները չեն տար մեզի համար ցանկալի արդիւնքի եւ երկրորդը՝ Ապրիլին մենք 70.000 աշխատատեղ կորսնցուցինք:
Նաեւ տարածաշրջանային լարուած վիճակը. ի հեճուկս ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի կոչին՝ «քորոնա» ժահրի պայմաններուն համընդհանուր հրադադարի իրավիճակ ստեղծել, մեզի համար տեսանելի էր ազրպէյճանական կողմին ռազմական հռետորաբանության զարգացումը եւ ինծի համար միանշանակ էր, որ հնարաւոր աստիճանական յարձակումը երկիրը չեր կրնար դիմաւորել, այսպէս ըսած, քնացած վիճակի մէջ»:
Ըստ անոր` Յունիսի տուեալներով 50,000 աշխատատեղ վերականգնուած է, իսկ Յուլիս տուեալներով՝ մենք ունէինք նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ նոյնիսկ քիչ մը աւելի թիւով աշխատատեղեր. «Ցաւօք, մենք այսօր «քորոնա» ժահրի հետեւանքով մեծ թիւով զոհեր ունինք եւ այո Դուք ճիշդ էք, մենք հիմա կորի շարունակական շատ լուրջ անկում կ՝արձանագրենք, բայց մեր ամենօրեայ մահերուն թիւը դեռ չի նուազիր, զերոյի չի հասնիր, եւ ասիկա նախորդէն եկած ընթացքին հետեւանքն է: Ցաւալին այս փաստն է, որ 800-էն աւելի մահուան դէպք ունինք, եթէ ճիշդ կը յիշեմ այսօրուան թիւը: Բայց այսօր ալ հակառակ ընթացքը կայ, կ՝ըսենք, որ ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ կրկին մեր անհատական վարքագիծին հետեւանքով այդ թիւերը չեն բարձրանար:
Բայց այսօր առիթ ունինք ի վերջոյ՝ աշնան համաշխարհային առումով՝ ամենալաւ վիճակը ունենալու, որովհետեւ հիմա կը տեսնենք, որ աշխարհի վրայ կան երկիրներ, որոնք պաշտօնապէս յայտարարած էին, թէ յաղթահարած են վարակը, բայց ստիպուած են վերադառնալու ամենախիստ սահմանափակումներու տրամաբանութեան»:
Ինչ կը վերաբերի սահմանին կատարուած իրադարձութիւններուն, նախագահը նշած է, որ քանի մը օր առաջ Տաւուշ այցելած էր, նոյնինքն Չինարի գիւղ, սահմանի վրայ, եւ իրեն շատ ուրախացուցած է մարդոց ոգին. «Ես կը կարծեմ, որ այս ծանր օրերը նաեւ պէտք է սկիզբը դառնան ապագայ վերելքի, եւ այդ վերելքին հիմքը պէտք է այսօր դնենք։ Ես յոյս ունիմ, որ Հայաստանը, օգտագործելով իրեն բնորոշ առանձնայատկութիւնները եւ առաւելութիւնները, պիտի կարենայ յաղթահարել դժուարութիւնները, եւ մենք պիտի կարենանք հասնիլ նոր բարձունքի»։
Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով` ինչ տեղի ունեցաւ Տաւուշի մէջ, ատիկա Ազրպէյճանի կողմէ բացայայտ յարձակում էր Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ: «Բայց շատ կարեւոր է արձանագրել, որ այն ռազմական հռետորաբանութիւնը, որ երկար տարիներ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը զարգացնէր, եւ այսպիսի քարոզչական կեղծիք ստեղծած էր, թէ ազրպէյճանական բանակը ունի առաւելութիւն Հայոց բանակին նկատմամբ ու կրնայ շատ արագ ցանկացած հարց լուծել, շատ կարճ եւ տեղային միջադէպի ընթացքին այդ առասպելը ամբողջութեամբ փլուզուեցաւ, ինչը իմ կարծիքով՝ մեր տարածաշրջանին մէջ բոլորովին նոր աշխարհաքաղաքական եւ ռազմաքաղաքական իրավիճակ կը ստեղծէ: Ասիկա մեծ հաշուով կ՝ամրապնդէ Հայաստանի, արտօնեցէք ըսել, աւանդական դիրքորոշումը: Իսկ այդ աւանդական դիրքորոշումը այստեղ՝ Հայաստանի բոլոր իշխանութիւններու եւ կառավարութիւններու կողմէն ամբողջութեամբ պահուած է. Ղարաբաղի հարցը չունի ռազմական լուծում եւ կրնայ լուծուիլ բացառապէս խաղաղ ճանապարհով: Այսինքն, ատիկա իրողութիւն է, որուն հետ պէտք է հաշուի նստիլ:
Հայաստանի զինուած ուժերը պատրաստ են պահպանելու մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը, սահմանները եւ ուրախ եմ արձանագրելու, որ այն հսկայական բարեփոխումները, որոնք վերջին երկուքկէս տարուան ընթացքին տեղի ունեցած են Զինուած ուժերուն մէջ եւ որ եղած է մեր կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն առաջնահերթութիւնը՝ տուած է իր արդիւնքը: Եւ ուրախ եմ, որ այդտեղ ժամանակը չէ վատնուած, չէ կորսուած, եւ մենք կրցած ենք յստակ արդիւնքներ արձանագրել»,- ըսած է վարչապետը: