
Զարեհ Սինանեան Պէյրութի Մէջ Հանդիպած է Լիբանանի Հայկական Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչներուն Հետ
ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Լիբանան կատարած այցի ծիրէն ներս հանդիպած է Լիբանանի հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Այս մասին «Եռագոյն»-ը կը տեղեկանայ Գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն:
«Լիբանան այցի ծիրէն ներս ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան հանդիպած է Լիբանանի հայկական լրատվամիջոցներու՝ «Ազդակ», «Զարթօնք», «Արարատ» թերթերու, «Ռատիօ Սևան» և «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայաններու և ՀԲԸՄ լրատուական բաժնի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման ներկայ եղած են Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբեկեան, ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր, Հայաստան-Լիբանան բարեկամական խումբի ղեկավար Հրաչեայ Յակոբեան, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան, յանձնակատարի գրասենեակի ղեկավար Սառա Անջարգոլեան»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Հանդիպումը տեղի ունեցած է Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանատան մէջ: Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան և լրագրողները քննարկած են հարցերու ընդգրկուն շրջանակ՝ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդումէն, միջհամայնքային կապերու խորացում, ցանցային հաղորդակցութեան աշխուժութէն մինչև Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթիւնէն ետք ստեղծուած իրավիճակը, այս պայմաններու մէջ լրատվամիջոցներու խնդիրները և համայնքին օգնութեան ամենակարևոր թիրախները:
Հանդիպման աւարտին կողմերը սերտ համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած են: