Արցախը՝ Լիբանանին. ՀՕՄ-ի Արցախի Միաւոր

Հայաստան, Սփիւռք

Oգոստոս 4-ին, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումը մարդկային կորուստներ ու աւերածութիւններ պատճառած է Լիբանանի բնակիչներուն, որոնց մէջ նաեւ՝ տեղի հայ համայնքին:

Աշխարհի տարբեր ծագերու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն հայացքը այժմ ուղղուած է Լիբանան: Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի միաւորը եւս կը միանայ Լիբանանի հայ համայնքին օժանդակութեան համահայկական աշխատանքներուն:

Կոչ կ՝ընենք բոլորին՝ աշխուժօրէն մասնակցելու դրամահաւաքին եւ օժանդակելու Արցախի ազատագրման, վերաբնակեցման ու զարգացման գործին մէջ անգնահատելի աւանդ ունեցած Լիբանանի հայկական համայնքի օժանդակութեան:

Ձեր նուիրատւութիւնը կրնաք կատարել «Արցախբանկ»-ի մէջ բացուած հաշուեհամարին ՀՀ դրամով փոխանցում կատարելու միջոցով:
«Արցախբանկ»-ի հաշուեհամարը՝ 22311021091900