ՀՀ Նախագահը Լիբանանի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակն Ու Լիբանանահայութեան Խնդիրները Քննարկած է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Հետ

Հայաստան, Սփիւռք

Օգոստոս 6-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակն ու լիբանանահայութեան հետ կապուած խնդիրները քննարկած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի հետ։

Կայացած հեռախօսազրոյցին ընթացքին՝ ՀՀ նախագահը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձած են պայթումին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին եւ լիբանանահայութեան կրած վնասներուն։

Նախագահ Սարգսեան եւ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան մտքեր փոխանակած են Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ լիբանանահայ համայնքին համար նախատեսուող օգնութեան վերաբերեալ։

Զրուցակիցները կարեւոր համարած են լիբանանահայութեան անմիջական օժանդակութիւն հասցնելու անհրաժեշտութիւնը եւ խօսած են այն հիմնական կարիքներուն մասին, որոնց դէմ-հանդիման կանգնած է այսօր լիբանանահայ համայնքը։

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ նախագահին, որ Լիբանանին պատուհասած աղէտի այս բարդ պայմաններուն եւ դժուարին օրերուն, Հայաստանը օգնութեան ձեռք մեկնած է Լիբանանի մեր հայրենակիցներուն։

ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակ

06082020 թ