
Մոսկուա Զինադադարի Ամրապնդման Նախաձեռնութիւններ Պիտի Քննարկէ Երեւանի Եւ Պաքուի Հետ
Մոսկուան հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ զինադադարի ամրապնդման եւ բանակցային գործընթացի աշխուժացման տարբեր նախաձեռնութիւններու վերաբերող քննարկումներ պիտի կատարէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ: Այս մասին, 23 Յուլիսին, յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:
«Հարցը կը քննարկենք երկու կողմերուն հետ: Յոյս ունինք, որ միջազգային ուղեւորութիւններու սահմանափակումներու վերացումէն ետք կարելիութիւն կը ստեղծուի մշակելու տագնապի լուծման հարցերու ամբողջ շրջանակը»,- նշեց ան:
Ըստ Զախարովայի՝ ռուսական կողմը կողմերուն «առաւելագոյն զսպուածութեան» կոչ ուղղեց։ Ան նշեց, որ երեք պետութիւնները կը գործակցին դիւանագիտական ուղիներով եւ ռազմական գերատեսչութիւններու միջոցով՝ լարուածութիւնը նուազեցնելու համար:
Ան դիտել տուաւ, որ զինադադարի դրութեան խախտումները սկսած են նուազիլ, սակայն լարուածութիւնը կը յամենայ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ:
Զախարովա յայտնեց նաեւ, որ Սերգէյ Լաւրով հեռաձայնային արտակարգ զրոյցներ ունեցած է իր հայ եւ ազրպէյճանցի պաշտօնակիցներուն հետ, նաեւ քննարկած է իրավիճակը Մոսկուայի մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի դեսպաններուն հետ: Փոխգործակցութիւն կ՛իրականացուի ռազմական գերատեսչութիւններուն միջոցով։