Մահացած է Յուլիս 14-ին Ծանր Վիրաւորուած Ժամկետային Զինծառայող Արթուր Բագրատի Մուրատեան

Հայաստան

Յուլիս 23-ին ՊՆ կեդրոնական զինուորական հիւանդանոցին մէջ մահացած է Յուլիս 14-ին ծանր վիրաւորուած ժամկետային զինծառայող, շարքային Արթուր Բագրատի Մուրատեան (ծնած 2001-ին, Երեւանի թիւ 1 ԶԿ)` կը յայտնեն ՀՀ ՊՆ մամուլի ծառայութենէն:

Շարքային Արթուր Մուրատեան ծանր վիրաւորուած էր ՀՀ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, տեղափոխուած էր հիւանդանոց եւ կը գտնուէր ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ: Հակառակ զինուորական հիւանդանոցի բժիշկներուն գործադրած ջանքերուն, Արթուր Մուրատեանի կեանքը կարելի չեղաւ փրկել:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ Արթուր Մուրատեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: