
Հայ Համայնքին Կողքին Ենք` Ընդդէմ Բռնութեան. Լոս Անճելըսի Քաղաքապետ
Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Գարսէթի «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է` վերջին օրերուն Ատրպէյճանէն հնչած յայտարարութիւններուն վերաբերեալ։
«Մենք կանգնած ենք հայ համայնքին կողքին` ընդդէմ բռնութեան, եւ կոչ կ՛ընենք Ատրպէյճանին դադրեցնելու սադրիչ յայտարարութիւնները` հայկական հիւլէակայանը հարուածելու հետ կապուած: Երկխօսութիւնն ու դիւանագիտութիւնը տարածաշրջանի համար խաղաղութեան եւ անվտանգութեան միակ ուղին են»,- գրած է քաղաքապետը: