Հակառակ ՑաւալիԿորուստներուն՝ Բախումները Մեր Ոգին, Վճռականութիւնը Աւելի Ամրապնդեցին. Արծրուն Յովհաննիսեան

Հայաստան

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին  բախումները, հակառակ ցաւալի կորուստներուն, աւելի ամրապնդած են հայկական կողմի ոգին, կամքը, վճռականութիւնը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ճգնաժամային տեղեկատուական կեդրոնի պաշտօնական ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան՝ անդրադառնալով այն հարցին, թէ հայ-ատրպէյճանական սահմանային բախումները ի՞նչ տուին ՀՀ-ին եւ ի՞նչ միջանկեալ հետեւութիւններ կարելի է  ընել:

«Առաջին հերթին մեր Զինուած ուժերուն տուին փայլուն յաղթանակ: Ատիկա ամենակարեւորն է: Բայց ընդհանուր առմամբ մեր համաժողովրդական համախմբման, մեր պետական եւ զինուորական կառավարման համակարգի աշխատանքի յղկուածութեան, կայացման, զարգացման առումներով մենք ունեցանք աճ, բարձրացում, եւ ատիկա, հակառակ ցաւալի կորուստներուն, հակառակ նիւթական որոշակի աւերածութիւններուն, մեր ոգին, մեր կամքը, մեր վճռականութիւնը աւելի ամրապնդեց»,- ըսած է Յովհաննիսեան: