Զօրացրման Ենթակայ Ժամկէտային Պարտադիր Զինծառայողները Դիմած Են Իրենց Հրամանատարութեան` Խնդրելով Դադրեցնել Զօրացրումները

Հայաստան

Զօրացրման ենթակայ ժամկէտային պարտադիր զինծառայողները դիմած են իրենց հրամանատարութեան՝ խնդրելով դադրեցնել զօրացրումները։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանի Facebook-ի էջէն։

Վերջինիս կատարած գրութեան մէջ կը կարդանք՝

«Բազմիցս ականատես եղած ենք մեր զինծառայողներու հայրենասիրութեան դրսեւորումներուն: Այսօր եւս, մեր տղաները վերստին կ՝ապացուցեն իրենց անմնացորդ նուիրումը հայրենիքին եւ ժողովուրդին:

3-րդ զօրամիաւորման բոլոր զօրամասերու զօրացրման ենթակայ ժամկէտային պարտադիր զինծառայողները միահամուռ դիմած են իրենց հրամանատարութեան` խնդրելով դադրեցնել զօրացրումները եւ արտօնել շարունակել ծառայութիւնը իրենց համածառայակիցներու եւ հրամանատարներու կողքին, քանի դեռ յաղթանակի վերջակէտը դրուած չէ եւ քանի դեռ հակառակորդը ոտնձգութիւններու մտադրութիւն ունի:

Հակառակ անոր, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս եկած էր յայտարարութեամբ, որ կամաւորագրուելու անհրաժեշտութիւն չկայ եւ ՀՀ զինուած ուժերը պատուով կը կատարեն իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրները, այնուամենայնիւ, միեւնոյն ժամանակ արդէն զօրացրուած նախկին զինծառայողները, ինչպէս ՀՀ-ի մէջ, այնպէս ալ Արցախի, եւ յատկապէս այն զօրամասերու, որոնց ուղղութեամբ վերջին օրերուն արձանագրուեցան ատրպէյճական զինուած ուժերու նախայարձակ գործողութիւններ, կը դիմեն զօրակոչային եւ զօրահաւաքային համալրման ծառայութեան տարածքային ստորաբաժանումներ (զինկոմիսարիատներ)` յայտնելով պատրաստակամութիւն ու վճռականութիւն իրենց ծառայավայր հանդիսացող զօրամասերուն մէջ կանգնելու մեր զինծառայողներու կողքին եւ պաշտպանելու երկրի սահմանը»: