Անհրաժեշտ է, որ Մեր Ժողովուրդը Դառնայ Ազգ-բանակ (տեսանիւթ)

Հայաստան, Սփիւռք

«Այս դժուարին պահուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր աշխարհասփիւռ կառոյցով, Հայ Դատի Յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ցանցով, ուղեկից միութիւններով ու համակիրներով կանգնած է հայկական զոյգ պետութեանց, հայկական  բանակին կողքին: Ինչպէս միշտ, մենք պատրաստ ենք մեր բոլոր հնարաւորութիւններն ու կարողականութիւնը ի սպաս դնել Հայրենիքին ու հայութեան անվտանգութեան եւ զարգացումին։»։ ՀՅԴ Բiւրոյի այս յայտարարութեան եւ այլ հարցերու շուրջ Մոնրթէալի «Հայ Հորիզոն» հեռուստաընկերութիւնը զրոյցի հրաւիրած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը։