Ատրպէյճանը Կեղծ Լուրեր Կը Տարածէ Հայկական Կողմի Կորուստներու Մասին. ՊՆ Յայտարարութիւնը
Ատրպէյճանը կեղծ տեղեկատւութիւն կը տարածէ հայկական կողմի կորուստներու մասին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն:
«Յարգելի օգտատէրեր, վաղ առաւօտէն հակառակորդը հերթական ապատեղեկատւութիւն կը տարածէ: Հաղորդագրութիւնը, թէ իրավիճակը սահմանին վրայ լարուած է եւ հայկական կողմը կորուստներ ունի, իրականութեան չի համապատասխաներ: Յարգելի քաղաքացիներ, այդ հաղորդագրութեան հետ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, որեւէ կապ չունի, ատիկա հակառակորդի հերթական, կեղծ, ապատեղեկատւութիւնն է: Եղէ՛ք ուշադիր, մի՛ տրուիք հակառակորդի սադրանքներուն»,- ըսուած է ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ:
