Հակառակորդի Մարտական Անօդաչուի Հարուածէն Չինարի Գիւղի Բնակիչ Մը Վիրաւորուած Է
Ատրպէյճանի մարտական անօդաչուի հարուածէն, Յուլիս 16-ին, վիրաւորուած է Չինարի գիւղի բնակիչ մը: ԵՌԱԳՈՅՆ-ը այս մասին կը տեղեկանայ Ճգնաժամային տեղեկատուական կեդրոնի պաշտօնական ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանէն։
«Այսօր հակառակորդի մարտական անօդաչուի հարուածէն վիրաւորուած է Չինարի գիւղի բնակիչ Արամայիս Յովակիմեանը»,- կը յայտնէ Յովհաննիսեան:
