
Amazon Ընկերութիւնը Կայքէն Հեռացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Գիրքը
«Ասպարէզ»ին մէջ իր հեղինակային յօդուածին մէջ Շանթ Ջարչաֆճեանը տեղեկացուցած է, որ իր բողոքի արդիւնքով յայտնի Amazon ընկերութիւնը կայքէն հեռացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող գիրք մը:
Թէեւ «Amazon» ընկերութիւնը պաշտօնական յայտարարութեամբ հանդէս չէ եկած, սակայն Ջարչաֆճեան կը նշէ, որ Ճեֆ Պեզոսի անունէն իր բողոքին ի պատասխան ելեկտրոնային նամակ ուղարկուած է իրեն:
Շանթ Ջարչաֆճեան «Amazon» ընկերութեան գրած էր, որ կայքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ աշխատութիւններ որոնելու ատեն հանդիպած է ցեղասպանութիւնը ժխտող գիրքերու: Ան իր նամակի մէջ յոյս յայտնած է, որ ընկերութիւնը հաւատարիմ կը մնայ իր որդեգրած սկզբունքներուն ու անհրաժեշտ քայլեր կ’իրականացնէ այս ուղղութեամբ:
Պատասխան նամակին մէջ ընկերութիւնը շնորհակալութիւն յայտնած է Ջարչաֆճեանին՝ իրենց ուշադրութիւնը այդ հանգամանքի վրայ հրաւիրելու համար եւ տեղեկացուցած, որ «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Մեծ սուտը» վերնագիրով գիրքը հեռացուած է կայքէն: