Ատրպէյճան Հրետակոծած է Այգեպարի Մանկապարտէզը եւ Հացի Արտադրամաս Մը

Uncategorized

Ատրպէյճանական զինուժը Յուլիս 16-ի գիշերը հրետակոծած է հայկական խաղաղ բնակավայրերը, մասնաւորապէս, Տաւուշի մարզի Այգեպար համայնքը: Հրետակոծութեան հետեւանքով վնասուած է Այգեպար համայնքի մանկապարտէզի շէնքը եւ հացի արտադրամաս մը:

«Ներկայ պահուն փոխադրամիջոցներու եւ այլ ենթակառուցուածքներու վնաս հասցնելու վերաբերեալ տուեալներ տակաւին չունինք։ Այսօրուան հրետակոծութիւններուն հետեւանքով վնասուած են քանի մը սահմանամերձ գիւղերու բնակելի տուներ և յարակից տարածքներ, ինչպէս նաեւ մանկապարտէզ և հացի արտադրամաս»,– NEWS.am–ի հետ զրույցի ժամանակ ըսած է Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոբանեանը։