
Ատրպէյճան Ունի Բազմաթիւ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ․ Դաւիթ Տօնոյեան Կապ Հաստատած է Անճէյ Քասփրչիկի Հետ
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան կապ հաստատած է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիկի հետ: Այս մասին «Եռագոյն»-ը կը տեղեկանայ ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանի «Ֆէյսպուքեան» էջէն․
«Դաւիթ Տօնոյեան ներկայացուցած է ժամը 03:40-էն ՀՀ պետական սահմանին ստեղծուած իրավիճակը, նշած, որ ատրպէյճանական կողմը ունի բազմաթիւ վիրաւորներ եւ զոհեր:
Պաշտպանութեան նախարարը տեղեկացուցած է, որ ՀՀ սահմաններու նկատմամբ ատրպէյճանական կողմի ոտնձգութիւնները բոլոր առկայ ուժերով եւ միջոցներով կը տապալին»,- գրած է Ստեփանեան:
Գիշերը ժամը մօտ 03:40-ին ՀՀ ԶՈՒ դիրքապահները նկատած են հակառակորդի շարժ: Անցնելով շրջանաձեւ պաշտպանութեան, հայկական ստորաբաժանումները կանխած են հակառակորդին ներթափանցման փորձը: Թէժ մարտէն ետք հակառակորդը, կորուստներ կրելով, ետ շպրտուած է: Այնուհետեւ ատրպէյճանական ստորաբաժանումները ժամը 05:20-ին սկսած են հրետակոծել Այգեպար եւ Մովսէս գիւղերը` կիրառելով ականանետ եւ Տ-30 հաուբից: