Թուրքիան Յայտարարութիւն Ըրած Է Հայաստան-Ատրպէյճան Սահմանային Բախումներուն Վերաբերեալ

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է հայ-ատրպէյճանական սահմանային բախումներուն։ Յայտարարութեամբ հանդէս եկած Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն քննադատութեան թիրախ դարձուցած է ՀՀ զինուած ուժերուն գործողութիւնները՝ զանոնք որակելով «յարձակողական ազգայնամոլական գաղափարներու նոր դրսեւորումներ»։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն, որ կը վկայակոչէ Haberturk.com.tr-ը։

Պաշտօնական Անգարան ցաւակցութիւն յայտնած է «բարեկամ եւ եղբայր» Ատրպէյճանի ժողովուրդին ու կառավարութեան՝ ատրպէյճանական բանակի կորուստներուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթած վիրաւորներուն։

Տարածուած յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կը նշուի, որ Հայաստանը իբրեւ թէ կ՝ուզէ  միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը շեղել «Ատրպէյճանի տարածք ԼՂ-ի եւ շրջակայ տարածքներու ապօրինի բռնագրաւումէն» եւ հակամարտութիւն աւելցնելով նոր չափորոշիչներով արգելափակել հիմնախնդրի քաղաքական լուծումը։

«Հայկական կողմը պէտք է հրաժարի նմանատիպ վտանգաւոր մարտավարութենէ, պէտք է ընտրէ ողջախոհութիւնը եւ իրաւական ճանապարհը։ Սեփական կարողութիւնները գերազանցող նպատակներու համար արկածախնդրութեան դիմելը ցոյց կու տայ, որ Հայաստանը կը հանդիսանայ ամենամեծ խոչընդոտը մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար։

Թուրքիան պիտի շարունակէ իր բոլոր հնարաւորութիւններով ըլլալ Ատրպէյճանի կողքին՝ տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու անոր պայքարին մէջ»,- ըսուած է Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի յայտարարութեան մէջ։