
ԱԳ Նախարար Զոհրապ Մնացականեան Հեռաձայնային Զրոյց Ունեցած Է ՀԱՊԿ Գլխաւոր Քարտուղարի Հետ
ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան, Facebook-ի իր էջին միջոցով կը յայտնէ, որ Յուլիս 13-ին, ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է ՀԱՊԿ գլխավոր քարտուղար Սդանիսլաւ Զասի հետ:
«Նախարար Մնացականեան ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարին մանրամասն տեղեկատւութիւն տրամադրեց Յուլիս 12-էն Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ ՀՀ Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ հրետանիի կիրառումով իրականացուած հրադադարի խախտումներուն, Յուլիս 13-ի առաւօտեան այդ գործողութիւններու վերսկսման, ինչպէս նաեւ իրադրութեան յետագայ սրման հետեւանքներուն մասին:
ԱԳ նախարար Մնացականեան ընդգծեց ՀԱՊԿ անդամ երկրի նկատմամբ նման գործողութիւններու անընդունելիութիւնը:
Կը պահպանուի մշտական կապ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարին հետ եւ կը շարունակուին աշխատանքները ՀԱՊԿ ծիրէն ներս»: