Արցախցի Կամաւորականները Պատրաստ Են Տաւուշցի Եղբայրներուն Թեւ ու Թիկունք Դառնալու

Հայաստան

Եթէ չհանդարտի, ընդամէնը ժամեր յետոյ արցախցի կամաւորականները՝ իրավիճակին թելադրանքով եւ պահանջով՝ կրկին պատրաստ են տաւուշցի եղբայրներուն հետ խրամատներու մէջ թեւ ու թիկունք դառնալու։ Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան։

«Արցախէն կը շարունակենք ուշի-ուշով հետեւիլ ՀՀ պետական սահմանի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող սադրիչ գործողութիւններուն: Եթէ չհանդարտի, ընդամէնը ժամեր յետոյ արցախցի կամաւորականները՝ իրավիճակի թելադրանքով եւ պահանջով՝ կրկին պատրաստ են տաւուշցի եղբայրներու հետ խրամատներու մէջ թեւ ու թիկունք դառնալու»,- գրած է Պօղոսեան։