Արցախի եւ Ատրպէյճանի Սահմանագիծի Ողջ Երկայնքով Յարաբերական Հանգիստ Է

Հայաստան


Արցախի եւ Ատրպէյճանի սահմանագիծի ամբողջ երկայնքով կը տիրէ յարաբերական հանգիստ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան պետ-Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Վահրամ Պօղոսեանի Facebook-ի էջին կատարած գրառումէն։

«Այս պահուն սահմանի ամբողջ երկայնքով յարաբերական հանգիստ կը տիրէ, եւ Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ վստահօրէն կատարել իր առջեւ դրուած խնդիրը: Անփորձանք գիշեր եւ ծառայութիւն հայոց սահմանները հսկող մեր բոլոր զինծառայողներուն»,- գրած է Պօղոսեան: