
Ճատրակի Համահայկական Առցանց Մրցաշարք՝ 20 Յուլիսին
««Երեւանի ճատրակի դաշնութիւն»-ը եւ ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը՝ Մելգոնեան համաշխարհային նախաձեռնութեան հետ գործընկերութեամբ՝ կը կազմակերպեն ճատրակի միջազգային օրուան նուիրուած համահայկական առցանց մրցաշար: Ելեկտրոնային ուսուցման գործընկերն է ՀԲԸՄ Հայկական առցանց համալսարանը: Մրցաշարը պիտի սկսի Յուլիս 20-ին՝ հայաստանեան ժամանակով 20։20-ին եւ պիտի տեւէ 2 ժամ՝ ընդգրկելով մասնակիցներ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն»:
ԵՌԱԳՈՅՆ-ը այս մասին կը տեղեկանայ Հայաստանի կառավարութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն փոխանցուած հաղորդագրութեամբ մը.
«Այս նախաձեռնութիւնը, նախ եւ առաջ, նպատակ ունի եւս մէկ հարթակի վրայ համախմբելու Հայաստանն ու Սփիւռքը, ստեղծելու նոր կապեր ու կեանքի կոչելու համահայկական ճատրակի աշխարհի գաղափարը: Կը կարծեմ՝ ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Արցախի, ե՛ւ Սփիւռքի մէջ այս մրցաշարը ուրախութեամբ պիտի ընդունուի եւ պիտի ներգրաւէ լայն շրջանակներ»,- նշած է Երեւանի ճատրակի դաշնութեան նախագահ, ԱԺ պատգամավոր Մխիթար Հայրապետեան:
«Բացի հիմնական մրցանակներէն՝ սահմանուած են նաեւ մրցանակներ կանանց, մինչեւ 14, 12 եւ 10 տարեկաններու, վեթերաններու, մինչեւ 2000 վարկանիշ ունեցողներու համար:
«Մրցաշարին ցուցակագրման վերջնաժամկէտն է Յուլիս 15-ը։ Անիկա ազատ է բոլորի համար, սակայն առկայ են որոշ պայմաններ: Մասնակցիլ ցանկացողները պէտք է, նախ եւ առաջ, մրցաշարի իրականացման հարթակի միջոցով (www.lichess.org) նամակ գրեն համակարգողին՝ https://lichess.org/@/muran29՝ ուղարկելով ՖԻԴԵ-ի անձնական համարը, իսկ վերջինիս բացակայութեան պարագային տրամադրելու անձնական տուեալները (անուն, ազգանուն, ծննդեան տուեալներ, երկիր)։ Մրցաշարին միանալու համար պարտադիր է նաեւ յայտ ուղարկել https://lichess.org/team/panarmenian-chess-day խումբին:
«Մրցաշարի մանրամասներուն կրնաք ծանօթանալ հետեւեալ յղումով՝ https://yerevanchessfed.com/hy/news/page-54 կամ diaspora@gov.am ել. հասցէով»: