
Լիթվանիան Բուժանձնակազմ եւ Բժշկական Օգնութիւն Ուղարկած է Հայաստան
Լիթվանիայի Շիաուլիա քաղաքի օդակայանին մէջ, Յունիս 19-ին, տեղի ունեցած է Լիթվանիայի կառավարութեան կողմէ Հայաստան ուղարկուող բուժանձնակազմի եւ բժշկական օգնութեան ճանապարհման արարողութիւնը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն Լիթվանիայի, Լաթվիայի եւ Էսթոնիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութենէն։
8 բուժաշխատողէ ու 3 մասնագէտէ բացի Հայաստան կ՝ուղարկուի նաեւ «քորոնա» ժահրի 30,000 test եւ 60,000 օրինակ փորձանմուշի յատուկ աման, ինչպէս նաեւ լիթվանիական արտադրութեան 20,000 օդափոխիչի զտիչ (filter)։
Կայացած մամուլի ասուլիսին ընթացքին՝ մեկնաբանութիւններով հանդէս եկած են Լիթվիայի առողջապահութեան նախարար Աուրելիուս Վերիկան, Լիթվանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեանը, Լիթվիայի ԱԳՆ Միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Ռասա Գաիրիենէն, Լիթվանիոյ խոշորագոյն Սանդարիշգես եւ Փանիվէժեսի հիւանդանոցներուն տնօրէնները։
Լիթվանիոյ առողջապահութեան նախարարը նշած է, որ Լիթվանիան շատ հպարտ է, որ կը կարենայ օգնել Հայաստանին այս դժուար ժամանակահատուածին։ Նախարար Վերիկան նաեւ ընդգծած է, որ բուժանձնակազմի հետ մէկտեղ Հայաստան կը մեկնի երեք մասնագէտ, որոնք «քորոնա» ժահրի ճգնաժամի առաջին իսկ օրերէն աշխատած են համակարգող շտաբին մէջ եւ իրենց մեծ աւանդը բերած Լիթվանիոյ մէջ համավարակի զսպման գործին։ Եզրափակելով խօսքը` նախարար Վերիկան յոյս յայտնած է, որ իրենց հայ բարեկամներուն ուղարկուող այս օժանդակութիւնը պիտի օգնէ յաղթահարելու համավարակը։
Լիթվանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, իր խօսքին մէջ, երախտագիտութիւն յայտնելով Լիթվանիոյ կառավարութեան եւ բոլոր ներգրաւուած գերատեսչութիւններուն, նշած է, որ Լիթվանիան առաջինն էր, որ արձագանգեց Հայաստան բուժանձնակազմ ուղարկելու կոչին եւ միակ երկիրն է, որ երկրորդ անգամ պետական մակարդակով օժանդակութիւն ցուցաբերեց։
Դեսպանը նաեւ նշած է, որ Լիթվանիան կ՝ուղարկէ ոչ միայն մեծ արժէք ունեցող բժշկական պարագաներ, այլ նաեւ իր ունեցած ամենաթանկ դրամագլուխը` մարդկային միջոցը։