Արցախի Բոլոր Անցակէտերուն Վրայ «Քորոնա» Ժահրի Քննութիւն Կը Կատարուի

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան բոլոր հսկիչ անցակէտերուն վրայ Յունիս
15-ին արդէն գործելու սկսան «Քորոնա» ժահրի արագ քննութեան տարրալուծարաններ: Այս մասին հաղորդեց Արցախի տեղեկատուական շտապը:

Հանրապետութիւն մուտք գործող անձերը, եթէ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի քննութիւն չեն կատարած եւ անոր արդիւնքը չունին իրենց հետ, կ՛ենթարկուին արագ քննութեան՝ 7000 դրամով։

Ցարդ Արցախի մէջ հաստատուած են «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու 78 պարագաներ, որոնց 54ը ապաքինած են: