Անհրաժեշտ է Ներազգային Համերաշխութեամբ Ճգնաժամի Յաղթահարումը՝ Նոր Որակի Իշխանութեան Ձեւաւորումով

Հայաստան, Յօդուածներ – Զրոյցներ, Սփիւռք

Yerkir.am–ի հարցերուն կը պատասխանէ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ
Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան

– Ինչպէ՞ս կը գնահատէք համավարակի դէմ պայքարի այսօրուան վիճակը:

– Այդ մասին Հայաստանի մեր կազմակերպութիւնը արդէն տուած է իր գնահատականը՝ հիմնուած իրավիճակի բազմակողմանի վերլուծումներու եւ մասնագիտական տեսակէտներու համադրման վրայ: Համաճարակը անշուշտ համաշխարհային փորձութիւն է` ժողովուրդներու եւ պետութիւններու համար: Ոչ մէկ երկիր, ոչ մէկ կառավարություն լիարժէք պատրաստ էր այդ ծաւալի առողջապահական, տնտեսական, մարդկային, հոգեբանական, անվտանգային եւ այլ խնդիրներուն դիմակայելու համար: Բայց պետական հաստատութիւններու, կառավարութեան կազմակերպած աշխատանքն է, որ պարտ էր հնարաւոր դարձնել արագ արձագանգելը, համարժէք լուծումներ գտնելը, նախ` կասեցնելով վարակի յետագայ տարածումը, ապա` անոր դէմ արդիւնաբեր պայքար շղթայազերծելով: Ցաւօք, ճիշդ այս առումով ՀՀ կառավարութիւնը թոյլ տուաւ լուրջ սխալներ, որոնց հետեւանքով է նաեւ այսօրուան մտահոգիչ ու վտանգաւոր իրավիճակը: Տակաւին կ’ակնկալենք, որ ՀՀ քաղաքական ղեկավարութիւնը կը դրսեւորէ պետական մտածողութիւն ու անկէ բխող գործելաոճ: Հակառակ պարագային կ’ունենանք անդառնալի կորուստներ, որոնց ամբողջ պատասխանատւութիւնը պիտի կրէ ԱԺ մեծամասնութիւնը, ՀՀ կառավարութիւնը, անձամբ`վարչապետը:

– Բայց ամիսներ առաջ կ՝ահազանգէին մասնագէտները, քաղաքական ուժերը եւ կառավարութեան անյետաձգելի քայլերու առաջարկներ ու համապարփակ ծրագիրներ կը ներկայացնէին:

– Ճիշդ էք: Բազմաթիւ առաջարկներ, ներկայացուած ՀՅԴ-ին, այլ քաղաքական կուսակցութեանց եւ մասնագէտներու կողմէ, իշխանութիւնը պարզապէս անտեսեց, իսկ երբ շարունակական պնդումներէ ետք փորձ եղաւ մասնակիօրէն նկատի առնելու կամ ալ կիսատ-պռատ արձագանգելու` արդէն ուշ էր: Արդիւնքը եղաւ այն, որ կառավարութիւնը ինքզինք զրկեց համաճարակի դէմ պայքարին առընչութեամբ մասնագիտական աջակցութենէ: Հակառակ այս մթնոլորտին՝ ՀՅԴ Բիւրոն համայն հայութեան մղեց հասնելու Հայաստանի օժանդակութեան. իր շարքերով, մարմիններով, ուղեկից կառոյցներով (ՀՕՄ, ՀՄԸՄ, Համազգային), երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններով առաջին օրերէն իսկ անցաւ աշխատանքի, կատարեց առաքումներ եւ հաստատեց ծրագիրներ ու այսօր ալ կը յայտնէ իր պատրաստակամութիւնը հասնելու Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդի կարիքներուն: Բնականաբար կ’ակնկալէինք, որ համահայկական պատրաստակամութեան պատեհ առիթը օգտագործելով՝ համախումբ մթնոլորտով, միասնական ճակատով եւ համայն ազգի միջոցներով կարենանք պայքարիլ համաճարակին դէմ: Նման համախմբման նախաձեռնողը իշխանութիւնը ինքը պէտք էր հանդիսանար՝ խորհրդակցութեան հրաւիրելով բոլոր քաղաքական ոյժերը, որպէսզի համախոհութեամբ դիմագրաւուին ճգնաժամին մարտահրաւէրները: Իշխանութիւնը պարտ էր յայտնաբերելու քաղաքական կամք՝ ամէն տարակարծութիւն մէկդի դնելով բոլորը համախմբելու, միասնական ծրագիրներ մշակելու եւ զանոնք համախոհութեամբ իրագործելու: Սակայն, ճգնաժամի այս օրերուն, իշխանութիւնը չմնաց իր առաքելութեան բարձրութեան վրայ: Իշխանութիւնը ոչ միայն այդ չնախաձեռնեց, այլ նոյնիսկ այս իրավիճակին մէջ կատարեց պառակտիչ յայտարարութիւններ ու այլընտրանքային տեսակէտերու հանդէպ անհանդուրժողականութեան դրսեւորումներ: Խորհուրդներուն անսալու, օգնութեան համար երկարած ձեռքը բռնելու, ձախող ընթացքէն հրաժարելու եւ սեփական սխալները սրբագրելու փոխարէն՝ անընդհատ փորձեց մեղաւորներ փնտռել։ Եւ կրկին ականատես եղանք իշխանութեան կողմէ գռեհիկ ոճով ներքին թշնամիներ որոնելու եւ բաժանարար գիծեր ստեղծելու քաղաքականութեան: Իսկ վերջին զարգացումները արդէն կը վկայեն ընդդիմութիւնը լռեցնելու նպատակով գործադրուող բռնաճնշումներուն մասին։

– Նկատի ունիք վարչապետի ելոյթին որակումնե՞րը ՀՅԴ-ի մասին։

– Ո՛չ միայն: Այսօր, իշխանութեան տեսակէտէն տարբեր խօսքի հանդէպ անհանդուրժողական վերաբերմունքը համատարած է: Իսկ ինչ կը վերաբերի վարչապետի այդ ելոյթին, ապա հոն հնչած արտայայտութիւնները թէ՛ բովանդակութեամբ, թէ՛ ձևով, թէ՛ օգտագործուած բառապաշարով յարիր չէին պետութեան առաջնորդին, քաղաքական ղեկավարին: Բովանդակային քննադատութեան եւ յստակ առաջարկներուն նման ձեւաչափով պատասխանելը ոչ միայն քաղաքական սխալ է, այլեւ լրջագոյն հիմնախնդիրներ դիմակայող հասարակութիւնը տկարացնող քայլ: Անթոյլատրելի, անընդունելի, վտանգաւոր քայլ: Ըստ երեւոյթին, վարչապետը չէ հասկցած կամ ալ դիտմամբ կը թերագնահատէ Դաշնակցութեան էութիւնը, ոյժը, կամքն ու ոգին։

– Ստեղծուած իրավիճակին մէջ ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք ելքը։

– Նկատի առած ստեղծուած իրավիճակը, առաջնահերթ նպատակը պէտք է ըլլայ ներազգային համերաշխութեամբ ճգնաժամի յաղթահարումը եւ ազգային ուղեգծին համապատասխան երկրի անվտանգ զարգացման ապահովումը։ Իսկ այս բոլորը կ’ենթադրէ նոր որակի իշխանութեան ձեւաւորում։