Փոքրիկ Քաղաք Մը, Որուն Բնակչութիւնը Երբեւէ Չէ Գերազանցած 30,000-ը, Տուած Է 30 Ակադեմիկոս. «Հայու տեսակ» (տեսանիւթ)

Սփիւռք

Akhaltskha.net

Մինչեւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմը Ախալցխայի բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայեր էին, նոյնիսկ տեղի վրացիները կը խօսէին վարժ հայերէն: Անվերջ կարելի է թուարկել հայ հանճարներ, որոնք ծնած են Ախալցխայի մէջ: Փոքրիկ Ծուղրութ գիւղը, ուր առուակ մը անգամ չկայ, եւ այգիները չեն ոռոգուիր, տուած է Դեր-ծովակալ Սաղոյեան Արտաւազդ, հայագիտութեան հիմնադիրներէն Գալուստ Տէր-Սահակեան: Յակոբ Մանանդեան, Ստեփան Մալխասեանց, Յակոբ Կոջոյեան, Լուսինէ Զաքարեան, Վարդգէս Սուրէնեանց եւ այլք: Ախալցխան արժանի է լրջագոյն ուսումնասիրութեան, հասկնալու՝ որն է հողին գաղտնիքը, որ տուած է այդքան արժանի հայորդիներ: