ՀՀ Վարչապետն ու Արցախի Նախագահը Այցելեցին Հիւսիսային Սահմանագիծ

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանն ու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը այցելեցին հանրապետութեան հիւսիսային սահմանագիծի կարգ մը դիրքեր, տեղւոյն վրայ ծանօթանաով զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին:

Հայկական երկու հանրապետութիւնների ղեկավարներուն կ՚ուղեկցէին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեանը, ՀՀ բանակի գլխաւոր շտաբի պետ Արտակ Դաւթեանը, Արցախի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը, եւ այլ պաշտօնատարներ:

Հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարներուն ներկայացուած են երկրաչափական եւ ամրաշինական ենթակառուցուածքները, յուսալի պաշտպանութիւն իրականացնելու նոր ճարտարագիտութիւնները, նոր սպառազինութիւնը, դիրքերու մէջ անձնակազմի անվտանգութեան բարձրացման ուղղուած աշխատանքները, տեխնիկական յագեցուածութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան եւ Բակօ Սահակեան ուսումնական կէտի մէջ հետեւած են նաեւ ըստ պայմանական սենարի ցուցադրական յատուկ մարտավարական պարապմունքներու ընթացքին:

Կառավարութեան ղեկավարը զրուցած է մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զինծառայողներու եւ հրամանատարներու հետ, շնորհակալութիւն յայտնած անոնց անձնուէր ծառայութեան համար եւ մաղթած առողջութիւն ու խաղաղ ծառայութիւն: