
Դոկտ. Դուրեան Քալիֆորնիոյ Տարածքին «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարին Մէջ Առաջատար Դեր Պիտի Ստանձնէ
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ կառավարիչ Կեւըն Նիւսըմ «Քորոնա» ժահրին դէմ նահանգային պայքարին եւ յատկապէս համաճարակին տարածումը զսպելու համար վարակուածները հետապնդելու գործին մէջ, առաջատար դեր մը վստահած է Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տնօրէն դոկտ. Ալինա Դուրեանին, որ այս նպատակով պիտի գործակցի Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի (UCLA) եւ Սան Ֆրանսիսքոյի (UCSF) մասնաճիւղերուն հետ։
Հանրային առողջապահութեան մարզին մէջ միջազգային ճանաչում վայելող դոկտ. Դուրեան Լոս Անճելըս գաւառի Հանրային առողջապահութեան յանձնաժողովին անդամ է: Ան նաեւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Հանրային առողջապահութեան «Ֆիլտինկ» դպրոցի մէկ բաժանմունքին փոխտնօրէնն է եւ հանրային առողջապահութեան մարզին մէջ սպասարկութիւններ տրամադրած է Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններուն, հեղինակած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային առողջապահութեան առաջին ծրագիրը եւ արժանացած է Արցախի նախագահին «Երախտագիտութեան» շքանշանին։