
Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի Պաշտօնը Ստանձնելու Առիթով Երդման Հանդիսաւոր Խօսքս Ժողովուրդիս Պիտի Յղեմ Պատմական Շուշիէն. Արայիկ Յարութիւնեան
Արցախի
Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Եռատօնին նուիրուած իր
շնորհաւորական խօսքին մէջ
կը նշէ, որ ԱՀ նախագահի պաշտօնը
ստանձնելուն
առիթով՝ երդման հանդիսաւոր խօսքը, Մայիս 21-ին, ժողովուրդին պիտի ուղղէ պատմական Շուշիէն՝ իբրեւ հաւատի հաւաստում լուսաւոր
գալիքի նկատմամբ: Այս
մասին ան գրած է Facebook-ի իր էջին մէջ, որ
ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը ներկայացնէ Արեւմտահայերէնով:
«Յարգելի ՛ հայրենակիցներ
Եռատօնի խորհուրդը մեր ժողովուրդի
կեանքին մէջ
առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, քանի որ անիկա կ՝ամփոփէ մեր համազգային
յաղթանակներու
ու խաղաղութեան, մեր արժանապատիւ գոյութեան համար ամենաթանկ հատուցումը՝ հազարաւոր
անմեղ կեանքեր: Այսօր գլուխս կը
խոնարհեմ Հայրենական մեծ պատերազմին եւ Շուշիի ազատագրման մարտին փառաւոր յաղթանակ կերտած մեր
ժողովուրդի քաջարի
զաւակներու ձգած անուրանալի աւանդին առջեւ: Հպարտ եմ, որ եղած եմ հայոց
բերդաքաղաք Շուշին վերջնականապէս մերը դարձուցած
ազատութեան զինուորներէն
մէկը, ուր հերոսի մահով
ինկան լաւագոյնները. հազա՜ր փառք բոլոր նահատակներուն:
Սրտագին շնորհաւորանքներս մեր միասնական հայրենիքի սահմանները անառիկ պահողին եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան իրական երաշխաւորին՝
Պաշտպանութեան բանակին ու անոր ողջ անձնակազմին՝ բանակի
ստեղծման 28-րդ տարեդարձին
առիթով:
Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող սիրելի՛ հայութիւն
Այս պարտաւորեցնող պահուն կը յայտարարեմ, որ, ի նշանաւորումն
հայ ժողովուրդի տարած
յաղթանակներուն,
Մայիս 21-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի
պաշտօնը ստանձնելուս
առիթով, երդման հանդիսաւոր խօսքս ժողովուրդիս պիտի յղեմ պատմական Շուշիէն՝ իբրեւ հաւատի հաւաստում լուսաւոր
գալիքի նկատմամբ:
Փա ՜ռք հայ ժողովուրդին:
Կեցցէ ՜ ն անոր հերոսական զաւակները»,- գրած է
Ա. Յարութիւնեան: