
Հայրենիքի Պաշտպանութեան, Ազատութեան, Խաղաղութեան Նուիրական Խորհուրդ Ունի Մեզի Համար Մայիս 9-ը․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս
Ամենայն հայոց կաթողիկոսը շնորհաւորական ուղերձ յղած է յաղթանակի, խաղաղութեան, Շուշիի ազատագրութեան եւ Պաշտպանութեան բանակի օրուան առիթով։
ԵՌԱԳՈՅՆ-ը ուղերձը կը ներկայացնէ Արեւմտահայերէնի վերածուած.
«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն հոգիի բերկրութեամբ Հայրապետական Մեր
օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքները կը
բերենք սիրեցեալ
համայն մեր ժողովուրդին`
Յաղթանակի եւ խաղաղութեան, Շուշիի ազատագրութեան եւ Պաշտպանութեան բանակի օրուան
առիթով:
Այսօր, երբ կը նշենք պանծալի Յաղթանակի 75-ամեայ
յոբելեանը, առանձնակի ջերմութեամբ կը շնորհաւորենք եւ Մեր բարեմաղթանքները կը բերենք Երկրորդ աշխարհամարտի եւ
Հայրենական մեծ պատերազմի վեթերաններուն: Ջերմօրէն կ՝ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք Արցախի ազատամարտին
մասնակցած մեր ժողովուրդի
զաւակներուն եւ այսօր
մեր հայրենիքի սահմանները անառիկ պահպանող մեր բանակի քաջարի սպաներուն ու
զինուորներուն:
Հայրենիքի պաշտպանութեան, ազատութեան, խաղաղութեան նուիրական խորհուրդ ունի մեզի համար Մայիս 9-ը: Երկրորդ
աշխարհամարտին
ձեռք բերուած յաղթանակի կերտման եւ աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ մեր փոքրաթիւ ժողովուրդը ունեցած
է հերոսական մասնակցութիւն եւ արժանի ներդրում: Հայկական ռազմական խմբաւորումներ գլխաւորող
հայ զօրահրամանատարներու, հայ սպաներու եւ զինուորներու սխրանքներն ու անցած փառապանծ
ուղին մեր պատմութեան նշանակալի էջերէն են, որոնց մեր ժողովուրդը միշտ
հպարտութեամբ պիտի անդրադառնայ:
Հայրենիքի ազատ, ապահով եւ խաղաղ կեանքի նոյն ձգտումով ու նուիրումով մեր
ժողովուրդը յաղթանակեց նաեւ արցախեան ազատամարտին: Յաղթանակեց հաւատով, միահամուռ
ջանքերով, բոլոր մարտահրաւէրները
դիմակայելու նախանձախնդրութեամբ ու յանձնառութեամբ եւ հայրենի Արցախի մէջ շէն ու բարօր նոր կեանք կառուցելու
պայծառ տեսլականով:
Մայիս 9-ի նուիրական յիշատակներն ու յաղթանակները միշտ պիտի զօրացնեն մեզ,
քաջալերեն դիմակայելու ծանր իրավիճակներուն, յատկապէս այսօր, երբ աշխարհը համակուած
է համընդհանուր նոր տագնապով, համավարակի բերած բազմաթիւ մտահոգութիւններով ու խնդիրներով, որոնք կը յուզեն նաեւ մեր կեանքը:
Կ՝աղօթենք, որ
մեր ժողովուրդը առ Աստուած ապաւինութեամբ, համախմբուած ու միմեանց աջակից
յաղթահարէ մեր երկրի առջեւ ծառացած ներկայ մարտահրաւէրները եւ միշտ ապրի
հայրենիքին, ազգային կեանքին նուիրուածութեամբ, նոր ձեռքբերումներու հաւատով ու վստահութեամբ: Եւ թող
հարուցեալ մեր Տիրոջ եւ Փրկչի` Յիսուս Քրիստոսի յոյսի, սիրոյ ու հաւատի շնորհները
առաջնորդեն մեզ յաջողելու ամէն բարի գործի մէջ»: