
Նախագահ Սարգսեան Շուշիի Ազատագրութեան 28-րդ Տարեդարձին Առիթով Այցելած է “Եռաբլուր”
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան Շուշիի ազատագրման 28-րդ տարեդարձի առթիւ այսօր այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն: Նախագահը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած է Հայրենիքի համար իրենց կեանքը զոհաբերած նուիրեալներու անմահ յիշատակը:
«Շուշիի ազատագրումը, եթէ համեմատելու ըլլանք Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի հետ, նոյնն էր, ինչ Սթալինկրատի կամ Քուրսքի ճակատամարտերը: Անոնք կոտրեցին պատերազմի տրամաբանութիւնը եւ ճանապարհ բացին դէպի յաղթանակ»,- «Մեդիամասք»-ի փոխանցմամբ՝ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Արմէն Սարգսեան:
Հայաստանի նախագահը նաեւ անդրադարձաւ Հայրենական մեծ պատերազմին յաղթանակի 75-ամեակին եւ նշեց, որ ճակատամարտին մարտնչող 600 հազար հայերէն կէսը զոհուեցան:
«Մեր ժողովուրդը Սովետական Միութեան հարիւրէն աւելի հերոսներ տուաւ, հինգ մարաջախտ… Եւ ատիկա համաչափ չէր. փոքր ժողովուրդ` հինգ մարաջախտ, վաթսունէն աւելի զօրավար: Բնական է, որ այդ ժողովուրդին յաղթել հնարաւոր չէր, որովհետեւ այդ ժողովուրդը հակաֆաշիստական պայքարի առաջնեկներէն մէկն էր եւ, բնական է, որ այդ ժողովուրդին հնարաւոր չէր նաեւ ազատագրական ճակատամարտին յաղթել:
75 տարի առաջ իրենց կեանքը զոհած 300 հազար հայերէն որեւէ մէկուն անունը պիտի չմոռցուի: Ազատագրական պայքարի ողջ ընթացքին եւ, առանձնապէս այսօր, Շուշիի ազատագրման եւ՛ կազմակերպիչները, եւ՛ նահատակուած հերոսները, եւ՛ անոնք, որ այսօր կան, անկախ անկէ, թէ ուր են, ինչ պաշտօնի են, ինչ կ՛ընեն, իրենց ընտանիքի հետ են, թէ գացած են Շուշի, անոնք բոլորը հերոսներ են: Նման հերսութիւնը չի ծերանար, անվերջ է: Մենք իսկապէս յաղթող ժողովուրդ ենք եւ՛ Երկրորդ համաշխարհայինի ժամանակ, եւ՛ ազատագրական պայքարին մէջ»,- ըսած է Արմէն Սարգսեան: