
Շուշիի Ազատագրութեան Տարեդարձը` «Երկիր Մետիա»-ի Ուղիղ Եթերով
Ուրբաթ, 8 Մայիսին, «Երկիր Մետիա»-ի ուղիղ սփռումով, համայն հայութիւնը միասնաբար պիտի նշէ ներկայ ժամանակներու հայութեան արձանագրած ռազմավարական մեծագոյն յաղթանակին` Շուշիի ազատագրութեան տօնը: Յայտագիրը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ուղղակի պիտի սփռուի «Երկիր Մետիա»-ի «Եութիուպ»-ի ալիքով Yerkir Media Հաղորդումներ, ինչպէս նաեւ Facebook-ի https://facebook.com/Yerkirmedia/ եւ https://www.facebook.com/tashnag էջերով:
«Ազդակ»-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ այս յայտագիրին ընթացքին, ժամը 9:00-էն սկսեալ, Լիբանանէն պիտի սփռուին ողջոյնի խօսքեր, ինչպէս նաեւ այս առիթով ելոյթ պիտի ունենան Համազգայինի Լիբանանի «Գուսան» երգչախումբը, «Քնար» պարախումբը եւ լիբանանահայ արուեստագէտներ:
Հրաւիրուած ենք բոլորս միասնաբար նշելու հայութեան կերտած պանծալի այս յաղթանակը: