
Եղիսաբէթ Չուլճեան Զեկուցեց Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակի Առաջնահերթ Օրակարգերուն Մասին
Երէկ, 5 Մայիս 2020-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 17:00-ին տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի առցանց երկրորդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Հայ Դատի առաջնահերթութիւնները` Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան եւ ծերակոյտին բանաձեւերէն ետք», իսկ զայն վերլուծական եւ համապարփակ զեկուցումով մը ներկայացուց Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակի մամլոյ քարտուղար Եղիսաբէթ Չուլճեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։
Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակիցներէն Մինաս Հանս Քէհէեանը:
Եղիսաբէթ Չուլճեան ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներու պատմականը, բացատրելով իւրաքանչիւր փուլին որդեգրուած ձեւին ունեցած արդիւնքները: Ապա զեկուցաբերը պարզեց Ամերիկայի մէջ Հայ դատի աշխատանքներուն ընդհանուր համայնապատկերը` կեդրոնանալով տարբեր բնոյթի աշխատանքներու վրայ` կրթական, քաղաքական եւ իրաւաբանական:
Չուլճեան շեշտը դրաւ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման աշխատանքներուն առընթեր Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման, Արցախի միջազգային ճանաչման, Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ նման հրատապ օրակարգերու ընդառաջ Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակին տարած գործունէութեան վրայ:
Զեկուցումի աւարտին հարցումներու եւ տեսակէտներու ճամբով քննարկումին մասնակցեցան Զուիցերիայէն, Կիպրոսէն, Միացեալ Նահանգներէն, Սէուտական Արաբիայէն, Հայաստանէն, Ֆրանսայէն եւ Լիբանանէն «Ազդակ»-ի լսարանականները: