Հայաստանի Մէջ Եղած են «Քորոնա» Ժահրով Կրկնակի Վարակման Դէպքեր․ Արսէն Թորոսեան

Հայաստան

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան Մայիս 4-ին յայտարարեց, որ կրկնակի վարակման դէպքեր «դժբախտաբար, արձանագրուած են, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ»:

«Մենք  ամէն օր գիտական թարմ տեղեկութիւններ կը ստանանք` արդեօք ատիկա կրկնակի վարա՞կ է, թէ՞ պարզապէս եղած է ժահրի կա՛մ  ապաշխուժացում, յետոյ աշխուժացում, կա՛մ ժահրի ոչ աշխոյժ մասնիկներու առկայութիւն մարմնի հիւսուածքներու մէջ»,- նշած է ան: