Թրամփ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ Տարելիցին Առիթով Ուղերձ Յղած է

Աշխարհ

Ուղերձին մէջ կ՛ըսուի․ 

«Այսօր մենք կը միանանք մարդկութեան` յիշատակի տուրք մատուցելու Մեծ Եղեռնի` 20-րդ դարու վատթարագոյն զանգուածային վայրագութիւններէն մէկուն զոհերուն: Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն` 1915-էն սկսած, տեղահանութիւններուն, կոտորածներուն ու մահուան երթերուն զոհ գացած են մէկուկէս միլիոն հայեր: Յիշատակի այս օրը մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք մաքառումներու ուղիով անցած ու իրենց կեանքը կորնսցուցած զոհերուն եւ, միաժամանակ, կը փաստենք մեր յանձնառութիւնն ի նպաստ առաւել մարդասիրական ու խաղաղ  աշխարհի:

Ամէն տարի Ապրիլ 24-ին մենք վերհիշենք հայ եւ ամերիկացի ժողովուրդներու ամուր ու տեւական կապերը: Մենք կը հպարտանանք Ամերիկայի հայկական եւ սուրիական նպաստամատոյց կոմիտէն հիմնած ամերիկացիներով, որոնց 1915-ին սկիզբ առած առաջադէմ նախաձեռնութեան շնորհիւ հայ փախստականներուն կը հասնէր այնքան անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւնը, եւ երախտապարտ ենք այն հազարաւոր ամերիկացիներուն, որոնք վտարանդի հայերուն աջակցելու նպատակով միջոցներ տրամադրեցին կամ կամաւորագրուեցան:

Այս օրը մենք արժանին կը մատուցենք հայ ժողովուրդի ուժին ու տոկունութեան` ի դէմս ողբերգութեան: Բարեբախտաբար, բազմաթիւ հայեր հանգրուան գտած են մեր ափերը` բերելով իրենց հարուստ մշակոյթը եւ իրենց ներդրումը ունեցած մեր երկրի կեանքին մէջ` տալով մեծ պատիւներու արժանացած զինուորականներ, յայտի արուեստագէտներ, անուանի ճարտարապետներ եւ յաջողակ գործարարներ:

Մենք կ՛ողջունենք հայերու ու թուրքերու ջանքերը` ուղղուած ցաւոտ անցեալի ճանաչման ու անոր հետ հաշուի նստելուն: Մենք համոզուած ենք, որ այսօր պարտաւոր ենք ոգեկոչել զոհերը եւ վերահաստատել ամբողջ աշխարհի մէջ խոցելի կրօնական ու էթնիկ փոքրամասնութիւններուն պաշտպանելու մեր յանձնառութիւնը»: